Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան Գահիրէի գրադարանները

Հեղինակներ

Բանալի բառեր:

Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութիւն, Կեդրոնական գրադարան, Աղաթօն գրադարան, սփիւռքահայ ինքնութիւն, գրադարանային ժառանգութիւն, նուիրատուութիւններ, հնատիպ գիրքեր, մշակութային ժառանգութիւն, եգիպտահայ համայնք

Ամփոփում

Յօդուածը կը ներկայացնէ Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան (ՀԲԸՄ) գրադարանային ժառանգութեան ձեւաւորման, զարգացման եւ պահպանման պատմութիւնը՝ յատուկ ուշադրութիւն դարձնելով 1911 թ. Գահիրէի մէջ հիմնուած Կեդրոնական գրադարանին։ Արխիւային փաստաթուղթերու, նամակագրութեան, գրացուցակներու եւ վարչական հաշուետուութիւններու ուսումնասիրութեան հիման վրայ կը բացայայտուին գրադարանին ստեղծման գաղափարական նախադրեալները, հաւաքածոներու համալրման ուղիները, ինչպէս նաեւ անհատ բարերարներու եւ ՀԲԸՄ մասնաճիւղերու ներդրումը գրադարանային հաւաքածոներու հարստացման գործին մէջ։ Ուսումնասիրութիւնը ցոյց կու տայ, որ գրադարանը ոչ միայն մշակութային ժառանգութեան պահպանման կեդրոն մըն էր, այլ նաեւ կոչուած էր նպաստելու կրթական հաստատութիւններու գործունէութեան եւ ծառայելու հայ հասարակութեան մտաւոր զարգացման։

Յօդուածին մէջ քննութեան կ՚առնուին նաեւ գրադարանին հետագայ վերակազմակերպման գործընթացները, հաւաքածոներու դասակարգման եւ պահպանման խնդիրները, ինչպէս նաեւ 1970-ական թուականներուն իրականացուած գնահատման եւ վերադասաւորման նախաձեռնութիւնները։ Առանձնայատուկ ուշադրութիւն կը դարձուի «Աղաթօն» գրադարանին կազ մաւորման պատմութեան, անոր հիմքը կազմած Կեդրոնական մատենադարանին հաւաքածոներուն, ինչպէս նաեւ հետագայ նուիրատուութիւններու շնորհիւ ձեւաւորուած գրքային հարստութեան։ Ներկայացուած են նաեւ գրադարանին մէջ պահպանուած հին տպագիր գիրքերուն եւ ձեռագիրներուն վերաբերող տուեալներ, որոնք կարեւոր նշանակութիւն ունին հայկական գրատպութեան եւ մշակութային ժառանգութեան ուսումնասիրութեան տեսանկիւնէն։ Հետազօտութիւնը կը փաստէ, որ ՀԲԸՄ-ի գրադարանային գործունէութիւնը նշանակալի դեր ունեցած է սփիւռքահայ ինքնութեան պահպանման, կրթական ու մշակութային կեանքի կազմակերպման եւ հայկական գրքային ժառանգութեան փոխանցման գործին մէջ։

Ներբեռնումներ

Հրատարակվել է

2026-06-30